Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Կայսերապաշտութիւնը Եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ապագան

 

03 ՆՈՅԵՆԲԵՐ 2017 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 25-ին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս կատարեց յայտարարութիւն մը, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ հետապնդեն անոնց արդար հարցերը: Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն» խորհրդաժողովին ընթացքին:

Փոխնախագահը իր խօսքին մէջ ժողովականներուն ներկայացուց քրիստոնեաներուն իրավիճակը եւ անոնց տանջանքը Քրիստոսի նման` մէջբերելով Ս. Գիրքէն որոշ համարներ, ապա խօսեցաւ քրիստոնեաներուն աշխարհագրական տարածուածութեան մասին` Հայկական Բարձրաւանդակէն մինչեւ Սուրիա, Լիբանան եւ Նինուէ, անշուշտ` առանց նշելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ քրիստոնեաներուն թիւը կը նուազի մասնաւորապէս Իրաքի մէջ, ուր ժամանակին անոնց թիւը մօտ 1.500.000 էր եւ այսօր նուազ քան 300.000-ի հասած է: Հաւանաբար պարոն Փենս քաջութիւնը չունէր խոստովանելու, որ 2003-ի Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումը պատճառներէն մէկն էր, որ իսլամականներու կողմէ յարձակումներ կատարուին քրիստոնեայ բնիկ ժողովուրդին, մասնաւորապէս ասորիներուն դէմ:

Անշուշտ, ինչպէս միշտ, հայկական եւ ասորական պատուիրակութիւնները գոհացան եւ ուրախութեամբ հարցազրոյցներու պատասխանեցին` ըսելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի փրկեն շրջանի քրիստոնեաները, սակայն անոնք մոռցան հարցնելու, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս: Դժբախտաբար պատմութենէն երբեք դաս չենք քաղած:

Կարեւոր է անդրադառնալ Հայաստանի հետ կապուած առաջարկներուն. Յակոբ Պատալեան «Լրագիր»-ին մէջ կը գրէ, որ այս խորհրդաժողովը որոշ առիթներ կրնայ ստեղծել Հայաստանի համար: Սեպտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պէտք է խաղաղապահ ուժեր ուղարկէ Սուրիա: Հոս երկու ուղղութիւններ յառաջացան նախագահ Սարգսեան կա՛մ կը փորձէր համոզել Արեւմուտքը, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կողքին Հայաստանի մարդասիրական եւ ապագային թերեւս ռազմական մասնակցութիւնը Արեւմուտքին դէմ ուղղուած չէ, կա՛մ ալ այն, որ Հայաստան Արեւմուտքին աջակցութեամբ կ՛ուզէ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած խաղաղապահ ուժերը փոխարինել ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերով: Հոս ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի դերը, եթէ Միացեալ Նահանգներ եւս առաջարկեն խաղաղապահ ուժերու տեղադրում Սուրիոյ մէջ` հաւասարակշռելու համար ռուսական բանակին ներկայութիւնը: Հաւանաբար Հայաստան պէտք է զգուշաւոր քաղաքականութիւն վարէ եւ չհաւատայ ամերիկեան խոստումներուն, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը նահանջի մէջ է շրջանին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի շրջանի քրիստոնեաներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան, Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթըն դժուարութիւններու պիտի հանդիպի, մանաւանդ որ այդտեղ քրիստոնեաները գրեթէ սուրիական վարչակարգին կողքին են, իսկ քիւրտերուն հետ գործակցող որոշ ասորիներու դերակատարութիւնը սահմանափակ է: Իրաքի մէջ եւս շատ դիւրին չէ, Իրաքի քրիստոնեաները` ասորիները բաժնուած են երեք մասերու: Պաղտատի եւ մօտակայ շրջաններու քրիստոնեաները չեն ուզեր բաժնուիլ Իրաքի սահմաններէն եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակած են կառավարութեան հետ: Երկրորդ խումբը, որ տարածուած է հիւսիսային Իրաքի մէջ, աւելի քրտամէտ է եւ իր ապագան կը տեսնէ փոքրամասնութիւններու դաշինքէն որոշ չափով կախեալ վիճակի մէջ: Իսկ երրորդ խմբակը, որուն մէջ ասորի ազգայնականները մեծ դերակատարութիւն ունին, ինքնավար շրջան կը պահանջէ Նինուէի մէջ, սակայն` Իրաքի սահմաններուն մէջ:

«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը 27 հոկտեմբերին «Քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն օգնելու ետին» խորագիրով յօդուածով մը անդրադարձաւ այս հարցին` նշելով, որ մօտ 700 քրիստոնեայ ընտանիքներ գաղթեցին այն շրջաններէն, ուր վերջին շաբաթներուն ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցան, եւ ահազանգ կը հնչեցնէ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու ոչնչացման վտանգին համար: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, հարցը շատ աւելի բարդ է, այստեղ անոնք քաղաքական հալածանքի չեն ենթարկուիր, ինչպէս որ տեղի կ՛ունենայ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, եւ տնտեսական պատճառը հիմնական դերակատարն է Լիբանանէն անոնց արտագաղթին, հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են Հըզպալլային դէմ, ա՛լ աւելի պիտի վնասեն երկրին տնտեսութեան:

Կարիք չկայ ըսելու, որ Միացեալ Նահանգներ շատ ուշացած են շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն մասին մտածելու համար, մանաւանդ որ անոնց կայսերապաշտական քաղաքականութեան արդիւնքներ շրջանին մէջ ժխտական դերակատարութիւն ունեցան եւ կը շարունակեն ունենալ քրիստոնեաներուն վրայ:

[email protected]

www.aztagdaily.com/archives/370788

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)