ՕՐԷՆՔ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ

Օրէնքի բովանդակութիւնը եւ նպատակը

Յօդուած 1. Սոյն օրէնքը կը պարունակէ հիմնական դրոյթներ արեւմտահայերէնի, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնի, գրաբարի, հայերէնի բարբառներու, ազգային փոքրամասնութիւններու, այլ ազգերու լեզուներու մասին: Օրէնքը կ՛ընդգրկէ նաեւ դրոյթներ հանրային պատասխանատւութեան մասին, այն է` անհատին տալ հնարաւորութիւն լեզուի եւ անոր գործածման վերաբերեալ հանրային եւ միջազգային ոլորտներու մէջ: Ինչպէս նաեւ Ժեստերու լեզուի ու Պրայելի համակարգի գործածման վերաբերեալ:

Յօդուած 2. Օրէնքի նպատակն է` երաշխաւորել արեւմտահայերէնի, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնի, գրաբարի եւ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու կարգավիճակը եւ գործածութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Օրէնքը նպատակ ունի պահպանելու եւ զարգացնելու արեւմտահայերէնը, արեւելահայերէնը, գրաբարը, հայերէնի բարբառները եւ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուական բազմազանութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն

Յօդուած 3. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է` գրական արեւմտահայերէնը:

Յօդուած 4. Արեւմտահայերէնը պետութեան եւ հասարակութեան միասնական լեզուն է, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար պէտք է ըլլայ հասանելի` կրթութեան եւ կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Յօդուած 5. Հանրութիւնը յատուկ պարտականութիւն եւ պատասխանատւութիւն ունի գործածելու եւ զարգացնելու արեւմտահայերէնը:

Յօդուած 6. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին ուսանելու, տիրապետելու, գործածելու եւ զարգացնելու արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը, ինչպէս նաեւ անոնց հիմք հանդիսացող գրաբարը:

Ազգային փոքրամասնութիւներու լեզուները

Յօդուած 7. Պետութիւնը եւ հանրութիւնը յատուկ պատասխանատւութիւն եւ պարտականութիւն ունին նպաստելու ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու գործածութեան ու զարգացման:

Ժեստերու լեզուն եւ Պրայելի համակարգը

Յօդուած 8. Ժեստերու լեզուն եւ Պրայելի համակարգը կը գտնուին պետութեան հոգածութեան տակ:

Լեզուի գործածութիւնը պետական եւ հասարակական գործունէութեան ոլորտին մէջ

Յօդուած 9. Պետական եւ հասարակական գործունէութեան ոլորտին մէջ գործածուող պետական լեզուն գրական արեւմտահայերէնն է:

Յօդուած 10. Անհրաժեշտութեան պարագային, ազգային փոքրամասնութիւններու եւ օտարներու համար, պետութիւնը կ՝ապահովէ թարգմանութեան միջոցով այլ լեզուներու գործածութիւնը:

Յօդուած 11. Պետական եւ հասարակական ոլորտի մէջ գործածուող լեզուն պէտք է ըլլայ գրական, մշակուած, պարզ ու հասկնալի եւ մշտապէս պէտք է ըլլայ պետութեան հոգածութեան առարկայ եւ գտնուի պետութեան վերահսկողութեան տակ: Արեւմտահայերէն լեզուի բնականոն զարգացումը ապահովելու համար Կրթութեան նախարարութեան կազմին մէջ կը ստեղծուի «արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման ու զարգացման ռազմավարութեան մշակման յանձնաժողով» եւ Արեւմտահայերէն լեզուի անաղարտ գործածութեան նպատակով «արեւմտահայերէն լեզուի հսկողութեան տեսչութիւն»:

Յօդուած 12. Արեւմտահայերէնը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն է միջազգային յարաբերութիւններու ենթահողին մէջ:

Արմենակ Աբրահամեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

17.06.2015 թ.

error

Enjoy this blog? Please spread the word :)