Սոչիի մէջ գումարուող միջսուրիական ազգային բանակցութիւններու խորհրդաժողովին կը մասնակցին նաեւ հայ ներկայացուցիչներ

January 29, 2018 Lousavor Avedis

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Այսօր՝ 29 Յունուար 2018-ին, ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ ընթացք պիտի առնէ միջսուրիական ազգային բանակցութիւններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովի մասնակից պատուիրակութիւնները արդէն սկսած են ժամանել Սեւ ծովի ափին գտնուող Սոչի քաղաք:

«Գանձասար»-ը կը հաղորդէ, թէ «Ռուսիա Այսօր»-ին համաձայն, նախատեսելի է որ վաղը՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2018-ին գումարուի խորհրդաժողովի ընդհանուր նիստը, որուն կը մասնակցին սուրիական ընկերութեան զանազան հատուածներէ աւելի քան 1600 հրաւիրեալներ:

Խորհրդաժողովին, որպէս դիտորդներ, հրաւիրուած են նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի Քարտուղարութեան մշտական անդամները, Եգիպտոսի, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի, Ղազախիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զինադադարի երաշխաւոր երկիրներու` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներն ու ՄԱԿ-ի Սուրիոյ յատուկ բանագնաց Սթեֆան տի Միսթուրա:

Աւելցնենք, որ սոյն խորհրդաժողովին կը մասնակցին նաեւ սուրիահայ համայնքը եւ երկրին կարգ մը խմբակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ներկայացնող հայեր:

Խորհրդաժողովին արձագանգելու համար 27 երկրէ հրաւիրուած է աւելի քան 500 լրագրող:

www.yerakouyn.com/?p=147608

error

Enjoy this blog? Please spread the word :)