«Արեւմտեան Հայաստան» նոր եւ ինքնատիպ ստեղծագործութիւնը արդէն համացանցի վրայ է

10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018 – ՄՇԱԿՈՅԹ:

Թառահար Միքայէլ Ոսկանեան հանրութեան կը ներկայացնէ «Արեւմտեան Հայաստան» ստեղծագործութիւնը: Երաժշտութեան հեղինակը Խաչիկ Եղոյեանն է, գործիքաւորումը կատարած է Վահան Նահապետեանը: Ստեղծագործութիւնը արդէն հասանելի է Youtube-ով:

«Երաժշտութեան թեման շատոնց յղացած էի, եւ մտքերով կիսուեցայ գործիքաւորող Վահան Նահապետեանի հետ: Վերջերս շատ կը լսեմ Միքայէլ Ոսկանեանի կատարումները, եւ միտք յղացաւ նման ստեղծագործութիւն պատրաստել իրեն համար: Միքայէլն ալ սիրով նուագեց այս գործը»,- « irates.am»-ի հաղորդմամբ՝ կը նշէ Yeghoyan Production-ի տնօրէն Խաչիկ Եղոյեանը:

Նշենք, որ վերջինս 2015 թուականին այցելած էր Արեւմտեան Հայաստան` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «100 դուռ» նախագիծի ծիրէն ներս լուսանկարելու նաեւ տեղի եկեղեցիները: Ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին Խաչիկ Եղոյեան կ՛ունկնդրէր Միքայէլ Ոսկանեանի երաժշտութիւնը, իսկ ցուցահանդէսի օրը պատրաստած էր փոքրիկ վաւերագրական ֆիլմ` կրկին Ոսկանեանի երաժշտութեամբ:

«Անոր թառը Արեւմտեան Հայաստանի կորսնցուցած հողերուն վրայ գտնուելու յուզական ապրումներու ուղեկիցը կարծես ըլլար: Եւ երբ արդէն որոշուած էր, որ իմ ստեղծագործութիւնը պէտք է թառով ներկայացուի, աչքիս առջեւ յայտնուեցան մեր հողերն ու եկեղեցիները, եւ ծնաւ ստեղծագործութեան վերնագիրը: Յուսամ, որ ստեղծագործութեան տեսահոլովակը նկարահանուի այնտեղ»,-կ՛աւելցնէ Խաչիկ Եղոյեան:

www.yerakouyn.com/?p=146339

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)