26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդուժը Սուրիոյ մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին ահաբեկիչներուն պատկանող աւելի քան հազար դիրք քանդած է:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող «Քրասնայա Զվիզտա» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ այդ դիրքերը քանդուած են ռուսական ռմբաձիգներու` այդ ժամանակահատուածին ընթացքին Սուրիոյ վերեւ կատարած աւելի քան 360 թռիչքներուն ընթացքին, իսկ անօդաչու թռչող սարքերը կատարած են 140 հետախուզական թռիչքներ, որոնց ընթացքին յայտնաբերած են զինեալներուն պատկանող աւելի քան 190 դիրքեր:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիա Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքով 30 սեպտեմբեր 2015-ին սկսաւ մարտ 2011-էն ի վեր տագնապի թատերաբեմ դարձած այդ երկրին մէջ ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ օդային հարուածներ կատարել: