Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի

22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ԱՇԽԱՐՀ -:

Լիբանանեան բանակը երրորդ օրն ըլլալով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ շարունակեց իր սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը:

Լիբանանեան բանակը իր երրորդ օրուան աշխատանքը կեդրոնացուց ականներու վնասազերծումին եւ ազատագրուած տարածքները ականներէ մաքրագործելու վրայ:

Հաւանաբար այս աշխատանքը նախապատրաստութիւն էր բանակին իրականացնելիք գործողութեան երրորդ փուլին, որուն շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին անդամը պիտի սպաննուի կամ դուրս շպրտուի Լիբանանի սահմաններէն:
funeral_soldiers_82117
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան բանակին գործողութիւններուն մասին մամլոյ ասուլիսի մը չհրաւիրեց, մինչ Զահլէ եւ Աքքար իրենց վերջին հրաժեշտը տուին նահատակ բանակայիններ Օսման Շտիտի, Էլի Ֆրայժէի եւ Պասեմ Մուսայի:

Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ բանակի սակրաւորներուն կողմէ ականներու վնասազերծումին զուգահեռ բանակը թնդանօթներով եւ «Սեսնա» տիպի օդանաւերով ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը` անոնց պատճառելով հսկայ վնասներ:

Բանակին յառաջխաղացքը համեմատաբար դանդաղեցաւ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն մէջ` ականներու վնասազերծումին պատճառով:

Անկարգելաւորներու ջոկատէն խումբ մը զինուորներ երէկ այցելեցին Ռաս Պաալպեքի բարձունքները եւ նախորդ երկու տարիներուն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուած գործողութիւններուն ընթացքին նահատակուած իրենց զինակիցներուն լուսանկարները բարձրացուցին ազատագրուած բարձունքներուն վրայ:

Ազատագրուած շրջաններուն մէջ ականներու վնասազերծումին կողքին, բանակը բացայայտեց նաեւ քարայր մը, որ կը նկատուէր ՏԱՀԵՇ-ի զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոցը: Հոն կը գտնուէին նաեւ բանակի տարազներ, պայթուցիչներ, նռնականետեր, հրթիռներ, պայթուցիկ նիւթեր, գնդացիրներ, ձեռնառումբեր, քամերաներ, հեռաձայնային սարքեր, ինչպէս նաեւ խթանիչ դեղեր:

Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Ուատի Արնապի (Արսալ) մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն սուրիացի Պասել Մոհամետ Ապտել Քատերը (ծանօթ` Ապու Անաս Սահլի կեղծանունով):

Ան մեղսակցած է 2014-ին լիբանանեան բանակի Հոսնի կեդրոնին դէմ գործուած յարձակումին, ինչպէս նաեւ բանակայիններու սպանութեան եւ առեւանգումին:
joseph_aoun_wounded_soldiers_82117
Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ Սեն Ժորժ եւ Ժեհթաուի հիւանդանոցները, ուր այցելեց վիրաւոր բանակայիններուն:

Զօր. Աուն դրուատեց զինուորներուն զոհողութիւնները եւ քաջութիւնը` անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ հպարտ կը զգան լիբանանեան բանակին մատուցած իրենց օժանդակութիւններով` զայն նկատելով Լիբանանը պաշտպանող միակ զինեալ ուժը եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող իրենց դաշնակիցը:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ շարունակեցին սուրիական հողերը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու պայքարը:

Արեւմտեան Քալամունի մէջ սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները կրցան ազատագրել Շաապաթ Ըքքօ բարձունքը, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կը գտնուի Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ, 2364 մեթր բարձրութեան վրայ:

Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Ժապալ Հալիման եւ Քըրնեթ Աժլունը, ինչպէս նաեւ Մարթպայա անցքը` ուղղակի թիրախ դարձնելով ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

www.aztagdaily.com/archives/361398

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)