Յուլիա Գիւլոյեան. «Հայ ժողովուրդի մշակութային ու հոգեւոր արժէքներու իւրացումն ու ոչնչացումը՝ եւ Թիւրքիոյ նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը, մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ»

17.11.2016

(Յատուկ զեկոյց՝ Մերձաւոր Արեւելքի հարցով «REGNUM» Ռուսաստանի դաշնային լրատուական գործակալութեան կազմակերպած «Թիւրքիոյ վարած ներկայիս նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը՝ մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ» անուանումով միջազգային համագումարին, Ռուսաստանի, Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրանի, Թիւրքիոյ, Իրաքի եւ Իսրայէլի ճանչցուած քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ:)

Թիւրքիոյ նոր-օսմանական քաղաքականութեան ժամանակակից ակնյայտ արտայայտութիւններէն մէկը՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակութային արժէքներու իւրացումն ու ոչնչացումն է: Քաղաքականութիւն՝ զոր տեւական ժամանակ իրականացուցին թիւրքական կառավարութիւնները, ըլլան սուլթանական, երիտթիւրքական կամ քեմալական: Այն արտայայտուեցաւ սարսափելի ձեւերով՝ յատկապէս Հայերու ցեղասպանութեան տարիներուն, 1894-1923 թթ.-ուն իրականացուած թիւրքական կառավարութիւններուն կողմէ՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին:

Եւ քանի որ մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ կատարուած այդ սարսափելի յանցագործութեան դատապարտումն ու վնասուց հատուցումը Միջազգային ընկերակցութեան կողմէ ամբողջութեամբ չիրականացաւ՝ ապա ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ, եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ ընդունելով զանազան այլ ձեւեր, որոնց շարքին՝ նաեւ որպէս մշակութային ցեղասպանութիւն:

Այս տեսանկիւնով է, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել քաղաքակրթական այդ ժառանգութեան յետագայ ճակատագիրին, ինչն այսօր յաճախ կ՛անուանուի «բնօրրան»՝ նկատի առնելով, որ այն կ՛առնչուի անոնց՝ որոնցմէ սկիզբ կ՛առնէ մեր աշխարհի ոգեղէնութիւնը, մարդասիրութիւնն ու մշակոյթը:

Հայ Ժողովուրդին պատկանող հնագոյն քաղաքակրթութեան, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան զգալի մասը՝ ցաւօք սրտի այսօր կը գտնուի այն պետութեան ձեռքին, ով ինքը իրականացուցած է չարագործութիւնը, ով մտածուած կերպով աշխարհին ի ցոյց դրած է իր բարբարոսական վերաբերմունքը այլ ժողովուրդի մշակոյթի եւ այդ արժէքները ստեղծողի նկատմամբ:

Ստիպուած ենք արձանագրել, որ Թիւրքիայի նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը՝ շարունակաբար եւ տեւական «զարգացնելով» երիտթիւրքերու աւանդոյթները, հետեւողականօրէն եւ մեթոդաբար կը շարունակէ ոչնչացնել հայ ժողովուրդի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը:

Ցեղասպանութեան տարիներուն՝ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը, բնիկ հայ բնակչութեան հիմնական մասի ֆիզիկական ոչնչացումէն յետոյ սկիզբ առած է հետեւողական գործընթաց մը՝ արմատախիլ ընելու այն ամէնը, որ կար եւ ընդունուած էր համարել հայկական:

Անցած դարու 28 թ.-էն սկսեալ անուանափոխութեան ենթարկուած է այն ամէնը՝ որ պատմական է ու ազգային, եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին վրայ է: Հայկական տեղանուններուն աւելի քան 90%-ը օտարուած է, եւ Արեւմտեան Հայաստանի աշխարհագրական անուանումները փոփոխուած են:

Հայ ժողովուրդին պատկանող հարիւրաւոր ճարտարապետական յուշարձաններ՝ վերածուած են մզկիթներու: Աւերակուած է այն ամէնը՝ որն ունի հայկական ծագում եւ կամ կ՛առնչուի հայերուն, հայկական մշակոյթին ու պատմութեան: Յուշարձանները, եկեղեցիները, ճարտարապետութեան գլուխգործոցները՝ որպէս թիրախ կը գործածուին թիւրքական բանակի զինավարժութիւններուն ժամանակ, ինչը վայրենաբարոյ է ժամանակակից որեւէ պետութեան համար, ի հարկէ եթէ խօսքը չի վերաբերիր ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեան, ինչպէս ԻՊ-ինն է: Այն սակաւաթիւ եկեղեցիները որոնք տակաւին կանգուն մնացած են՝ կը գործածուին որպէս ախոռ, պահեստ կամ բանտ:

Կը ստեղծուին նոր, եւ կը կեղծուին այլազան պաշտօնական փաստաթուղթեր՝ որոնք կը խրախուսեն կեղծ գիտական հրատարակութիւններու ծնունդը, որոնց մէջ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը կեղծուին եւ կամ միտումնաւոր կերպով կ՛անտեսուին:

Ստեղծուած է «տուեալներու» ամբողջ համակարգ մը՝ այսպէս կոչուած «օրինական վանդալիզմի», ոսկիի անօրինական որոնումներու եւ պեղումներու: Թիւրքիոյ կառավարութեան հովանաւորչութեամբ՝ «ոսկեխույզներն» առանց բացառութեան կ՛ոչնչացնեն ամէն ինչ: Այն յուշարձանները որոնք Թիւրքիային չեն պատկանիր՝ անոնք մարդկութեան սեփականութիւնն են: Անոնց կորուստը անփոխարինելի է: Հայկական յուշարձաններու ոչնչացումն ու իւրացումը՝ Հայերու ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Ֆիզիկական ոչնչացման հետեւած է մշակութային ցեղասպանութիւնը:

Բազմաթիւ օրինակներէն մէջբերենք մէկ քանին:

Նեմրութ լերան վրայ հայ հին աստուածներու պանթէոն է: Այնտեղ են տեղադրուած հայոց աստուածներէն՝ Արամազդի, Միհրի, Վահագնի, Անահիտի, Աստղիկի 8-9 մետր բարձրութեամբ արձանները: Անոնց շարքին Անտիոքոս առաջինի արձանը՝ տեղադրուած հայ Երուանդունիներու տոհմէն այդ արքայի յիշատակին, ն.ք. 62 թ.-ին: Այսօր թիւրքերը իւրացուցեր են այդ ամէնը՝ եւ զանոնք կը ներկայացնեն որպէս իրենց սեփականը:

Հայկական լեռնաշխարհին մէջ Պորտասարը (Գէօբեկլի Թեփէ-թուրք.) տաճարական համալիր է, որ կը ներառնէ նաեւ աստղադիտարան: Մեծ եւ հնագոյն մեգալիթեան կառոյցներէն է, շուրջ 12 հազար տարեկան: Պորտասարը մեր ժամանակի ամենակարեւոր յայտնագործութիւններէն է: Այն՝ մարդու ձեռքով կառուցուած առաջին տաճարն է: Եւ այն նոյնպէս թիւրքական ձեւով անուանափոխուած է:

Անի քաղաքը հայկական «ոսկեդարի» յուշարձան է: Անիի հայկական թագաւորութեան հնագոյն մայրաքաղաքը: «1001» եկեղեցիներու քաղաքէն մնացած են աւերակներ՝ եւ նոյնիսկ զանոնք կ՛աւերեն վանդալները: Թիւրքերն անուանափոխած են Անին Անը-ի՝ եւ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի միջոցով կը փորձեն զայն ներկայացնել որպէս Թիւրքիոյ մշակութային ժառանգութիւն:

Անոնք ձեռք բարձրացուցած են նաեւ Աստուածաշնչեան արժէքներու վրայ՝ հայերու հիմնական խորհրդանիշներէն մէկուն, Արարատ լեռան, զոր անուանափոխած են Աղրը:

Համաձայն 1914 թ.-ի տուեալներու՝ հայկական եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համալիներու ընդհանուր թիւն Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կազմած է 2549 (որոնց շարքին IV-V դդ.-ու վաղ քրիստոնէական յուշարձանները): Անոնց մեծ մասը թալանուած, հրկիզուած եւ աւերուած է ցեղասպանութեան ժամանակ: ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի 1974 թ.-ի տուեալներուն համաձայն՝ 1923 թ.-էն յետոյ պահպանուած 913 պատմաճարտարապետական յուշարձաններէն 464-ը հիմնայատակ ոչնչացուած են, 252-ն աւերակ վիճակ ունի, 197-ն հիմնական վերանորոգման կարիք ունի: Այսօր արդէն գրեթէ ոչինչ մնացած է վերականգնելու, Թիւրքիան զանոնք բոլորը ոչնչացուցած է ծրագրաւորուած կերպով:

Որպէս նոր-օսմանիզմի քաղաքականութեան ժամանակակից դրսեւորում կարելի է դիտել Սսի Կաթողիկոսական համալիրը կաթողիկոսարանին վերադարձնելու մերժումը, ինչը անոնք իւրացուցած են 20-րդ դարու ցեղասպանութիւնն իրականացնելու միջոցով:

Թիւրքիոյ ներկայիս քաղաքականութիւնը հասցուցած է անոր, որ արեւմտահայերէնը յայտնուի ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին, քանի որ Արեւմտեան Հայաստանէն բռնագաղթուածները հնարաւորութիւն չունին պատմական հայրենիք վերադառնալու եւ մայրենին այնտեղ գործածելու եւ զարգացնելու, որպէս իրենց բնական իրաւունքի արտայայտութիւն:

Թիւրքիոյ վարած նոր-օսմանականութեան ու ձուլման քաղաքականութեան յատկանշական օրինակ է անոնց վերաբերմունքը Համշէնահայերու նկատմամբ, որոնք հիմնապէս ենթարկուեցան բռնի մահմեդականացման: Շատերը կորսնցուցին իրենց արմատներն ու ազգային ինքնութիւնը, չեն ընդունիր իրենց հայկականութիւնը, իրենք զիրենք կ՛անուանեն «հեմշիլներ»: Հմայեական աղօթքներ ասելով հայերէնով անոնք համոզուած են, թէ համշէնական են՝ թիւրքերէն լեզուով:

Իսկ ճարտարապետական գոհարները… թիւրքերը առանց ամօթի կ՛արձանագրեն որպէս իրենց ձեռքբերումը: Եւ մենք պէտք է օգտագործենք բոլոր հնարաւորութիւնները՝ օգնելու մեր Համշէնահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որ վերադառնան իրենց հայկական արմատներուն:

Հայկական գորգերը թիւրքերը կը ներկայացնեն իբրեւ իրենցը, նոյնիսկ եթէ կը բերեն Հայաստանէն եւ կամ կը կրկնօրինակեն զանոնք, անկախ հայկական խորհրդանիշներէն, գոյներէն եւ այլն…, պնդելով թէ ներկայացուածը թիւրք ժողովուրդի ձեռքբերումն է:

Անոնք այնքան անսկզբունքային ու անշնորհք են՝ որ իւրացուցած են մեր հայրենասիրական «Զարթնիր լաո» երգը, աշխարհիս երեսին միակ օրօրոցային երգը՝ ուր մայրն իր որդիին քնացնելու փոծարէն՝ կոչ կ՛ընէ պաշտպանելու Հայրենիքը, երգ՝ որով մեր ֆեդայիներն ու մարտիկները կռուի ելած են: Թիւրքական ֆուտբոլային ակումբը զայն իւրացուցեր է՝ եւ կը գործածէ որպէս հիմն, բնականաբար փոխելով բառերն ու լեզուն թիւրքերէնի:

Հնագոյն հայկական խոհանոցը նոյնպէս «կողոպտուած» է հարեւաններու կողմէ, ինչը դիւրին է ապացուցել՝ եթէ անդրադառնանք ակունքներուն, ուսումնասիրելով թէ ինչէն եւ ինչպէս պատրաստուած է կերակուրը:

Բերենք հացահատիկի օրինակը, թէեւ կրնանք այլ օրինակներու ալ դիմել: Հացահատիկի 3-4 տեսակներ կը համարուին բուն հայկական: Յայտնի է, որ հացահատիկի հայրենիքը Հայկական լեռնաշխարհն է: Հայերն են, որ հինէն ի վեր զբաղուեր են հացահատիկի մշակմամբ: Բլղուր, փոխինձ, կորկոտ, ձաւար, հաճար… եւ այս ամէնը այլազան ձերերով մշակելով՝ խմորի հետ կ՛օգտագործուին հայկական խոհանոցէն ներս: Բոլոր այն կերակրատեսակները, որոնք թիւրքերն ու այլ հարեւաններ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի «օժանդակութեամբ» կը ձգտին իւրացնել՝ իրականութեան մէջ բուն հայկական ստեղծագործութիւն են, որովհետեւ ունին պատրաստման մաքուր հայկական եղանակ թոնիրի մէջ, եւ ունին հայկական անուանումներ: Այդ ամէնը կը վերաբերին նաեւ լաւաշին ու մատնաքաշին:

Ինչպէս կը կանխագուշակեն շատերը՝ «քաշիկ» (քաշել խօսքէն) ազգային կերակուրէն յետոյ, թիւրքերը կը ցանկան իւրացնել թոնիրը, որն Արեւին երկրպագելու ժամանակներէն ի վեր հայերու համար Արեւի խորհրդանիշն է երկրի վրայ: Թոնիրն ունի քանի մը գործառոյթ՝ բացի անկէ որ վառարան է կերակուր պատրաստելու, նաեւ կը տաքցնէ կացարանը, կը բուժէ հիւանդութիւններ, եւայլն:

Այն ամէնը ինչ ներկայացուեցաւ վերը՝ կը կատարուի ցուցադրելու համար որ թիւրքերը բնակչութեան գլխաւոր տարրն են Հայկական լեռնաշխարհի: Սակայն որքան ալ ջանան կեղծել իրենց պատմութիւնը, վճարել ամենատարբեր լոբբիստական կազմակերպութիւններուն՝ միեւնոյնն է, չ՛ստացուիր այն ընել, որովհետեւ պատմութիւնը կը յիշէ քոչուորներուն՝ որոնք բռանգրաւեցին այլոց հողերը, իւրացուցին անոնց ունեցուածքն ու մշակութային արժէքները:

Թիւրքիայի Հանրապետութիւնը ՅՈՒՆԵՆՍԿՕ-ի անդամ է: Ժամանակն է, որ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ն ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններ՝ պահպանեն պատմական արդարութեան սկզբունքները, իրաւունքները, բարեկրթութեան կանոները, եւ ոչ այնպէս՝ ինչպէս հիմա, գործածելով երկակի սկզբունքներ: Յուսով ենք, որ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու բարեխիղճ մասնագէտները՝ կը կասեցնեն շարունակուող վանդալիզմը, եւ կը սկսին աշխատիլ հաճոյք ստանալով իրական պատմագրութեան ուսումնասիրութենէն՝ այլ ոչ թէ մտացածին, կամ իրենց որպէս իրական ներկայացուած կեղծիքներէն: Սա ոչ միայն Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն է՝ այլեւ համաշխարհային, ամբողջ մարդկութեան հոգեւոր մշակութային ժառանգութիւնն է:

Յուլիա Գիւլոյեան՝

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) Մշակոյթի հարցերի յանձնաժողովի նախագահ,

«Համշէնուհի» Համշէնահայերու կանաց միջազգային միութեան մշակոյթի յանձնաժողովի ղեկավար, նախագահութեան անդամ

17.11.2016 թ.

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)