Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը մշակելու վերաբերեալ հրամանագիրը

Թիւ 23, 2014-08.10

Արեւմտեան հայաստանի ազգային խորհուրդի ստեղծման 10-րդ,

Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան կազմաւորման գործընթացի սկզբնաւորման 4-րդ տարեդարձի,

Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի ձեւաւորման,

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութեան փաստի,

այն է` Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու ձեւաւորման փաստին առնչութեամբ`

կը հաստատենք եւ կը վերահաստատենք, որ

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան)

ազատ, անկախ, ինքնիշխան, սոցիալական, իրաւական, ժողովրդավարական,

ինչպէս նաեւ մշտական զինուած, դրական չէզոք պետութիւն է,

որ հիմնաւորուած է հետեւեալ հռչակագրերու, որոշումներու, օրէնքներու եւ իրաւական փաստաթուղթերու վրայ`

  1. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդի hիմնադիր ժողովի որոշման-17.12.2004 թ.,
  2. Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդարանի պատգամաւորներու ընդունած հռչակագրի-20.01.2007 թ.,
  3. Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն կազմելու մասին հռչակագրի-04.02.2011 թ.,
  4. Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի չէզոքութեան մասին որոշման-29.03.2011 թ.,
  5. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի մասին հրամանագրի-21.10.2011 թ.,
  6. Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնապաշտպանութեան ուժերու ստեղծման մասին հրամանագրի-26.12.2012 թ.,
  7. Արեւմտեան Հայաստան Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորման մասին հռչակագրի-24.05.2013 թ.,
  8. Արեւմտեան Հայաստանի ՀանրապետութեանՆախագահի հրամանագիր, Որոշում` յիշեցում, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ, որ կը հանդիսանայ 1920-ի Հայկական պետութեան շարունակութիւնը: Թիւ 12 – 2014-02-23:

եւ ըստ այդմ`

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովին (Խորհրդարանին) կ՝առաջարկենք ձեւաւորել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մշակման յանձնաժողով եւ ձեռնարկած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի մշակումը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու ձեւի եւ բովանդակութեան համար` իբրեւ հիմք ընդունելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներու կամարտայայտութեան վերաբերեալ վերոյիշեալ հռչակագրերը, որոշումները, օրէնքներն ու իրաւական փաստաթուղթերը:

Արմենակ Աբրահամեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)