Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշի մասին հրամանագիրը

Համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի 17 Դեկտեմբեր 2004 թ. Հռչակագրի ա) Կէտի Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պէտք է ունենայ իր պետական դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը: Մեկնելով սոյն Հռչակագրի դրոյթներէն` Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը որոշեց հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դրօշը:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներէն է:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը քառագոյն է: Կեդրոնին երկու խորհրդանշաններն են` մուգ կապոյտ ութանկեան մէջ` ծիրանագոյն յաւէրժութեան ութաթեւ նշանը, որոնք կ՝իմաստաւորեն տիեզերական ներդաշնակութիւնը:

Ութանկեան չորս գագաթներէն` սկիզբ առնող մուգ կապոյտ ճառագայթները կ՝երկարին չորս ուղղութեամբ, ինչպէս աշխարհի չորս ծագերը, մուգ կապոյտը երիզուած է ծիրանագոյնով, դրօշի չորս հատուածները բաց երկնագոյն են:

Դրօշը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, իբրեւ քաղաքակրթութեան բնօրրան:

Մուգ կապոյտը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յաւէրժականութիւնը: Ծիրանագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի բանախօսութիւնը, արիականութիւնը եւ ստեղծագործ ազատութեան կենսասիրութիւնը: Բաց երկնագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի լուսաւորչականութիւնը եւ առաքելականութիւնը: Սպիտակը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի բարեպաշտութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան չափերու յարաբերութիւնն է` 1:2 – ի:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան յարաբերակցութեան չափերու պահպանումով կարելի է օգտագործել նաեւ փոքր կամ մեծ չափի դրօշ:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի նկարագրութեան գունաւոր պատկերը կը ներկայացուի սոյն օրէնքին կից:

Անցումային դրոյթներ

  1. Մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Խորհրդարանի վերջնական ձեւաւորումը սոյն հրամանագիրը ունի օրէնքի ուժ:
  2. Սոյն հրամանագրի ուժի մէջ մտնելու պահէն Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախկին դրօշը կը յանձնուի Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ասամպլէային, իբրեւ Ասամպլէայի խորհրդանիշ:
  3. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը կիրառութեան մէջ կը մտնէ հրամանագրի ստորագրման պահէն:

Արմենակ Աբրահամեան

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ

Փարիզ, Ֆրանսա, 21.10. 2011 թ.

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)