Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք է Արցախը Ընդունի Ազգերու Ընտանիքէն Ներս. Ճոն Էվանսի Յօդուածը The National Interest-ի Մէջ

March 12, 2018 Lousavor Աշխարհ, Հայաստան 0

12 ՄԱՐՏ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միջազգային հանրութիւնը արդէն ժամանակն է, որ ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը/Արցախը ազգերու ընտանիքին մէջ:

Այս մասին, ըստ artsakhpress.am-ի, The National Interest ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվանս, որ անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի յառաջիկայ այցին ԱՄՆ:

«Այս շաբաթ Արցախի` ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած նախագահ Բակօ Սահակեանը պիտի այցելէ Ուաշինկթըն: Ան պիտի չընդունուի ԱՄՆ վարչակազմին կողմէ՝ մասամբ նաեւ այն պատճառով, որ ԱՄՆ-ն լուռ կը մնայ այն հարցին շուրջ, թէ արդեօք Արցախը պէ՞տք է ի վերջոյ անկախ ըլլայ Ատրպէճանէն, որուն կցուած էր 1921-ին Իոսիֆ Ստալինի կողմէ»,- գրած է ԱՄՆ նախկին դեսպանը: Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընը, ինչպէս որեւէ այլ երկիր, չի ճանչնար Արցախը, սակայն Բակօ Սահակեանին նախորդած նախագահը (Արկադի Ղուկասեանը), որ 1999 եւ 2002 թուականներուն այցելած էր ԱՄՆ, աշխատանքային մակարդակով հանդիպած էր պետական բաժանմունքի պաշտօնեաներու հետ: Բացի այդ, Ուաշինկթընի մէջ կայ Արցախի ո՛չ պաշտօնական ներկայացուցիչ:

www.yerakouyn.com/?p=150176

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)