Իսրայէլ կրնայ Ատրպէյճանը սպառազինել «Իսքանտէր Մ.»-ի համազօր հրթիռներով

Ըստ իսրայէլեան «Հաարէց» եւ «Ետիոթ Ահարոնոթ» թերթերուն՝ Ատրպէյճան խիստ մտահոգ է, որ հայկական ուժերը օժտուած են «Իսքանտէր Մ.» տիպի հրթիռներով: Այս վերջինները, որոնք հակահրթիռային որեւէ համակարգէ խուսափելու յատկութիւնն ունին, Ռուսաստանի կողմէ 2016-ին մատակարարուած էին Հայաստանին, որ բացի Ռուսաստանէն՝ այդ բացառիկ հրթիռներուն տէր միակ երկիրը դարձաւ: Ցամաքէ ցամաք այս հրթիռները, որոնք շուրջ 500 քմ. հասողութիւն ունին, ատրպէյճանական մեծ քաղաքները խոցելի կը դարձնեն հայկական բանակի հարուածներու պարագային:

Ըստ «Հաարէց»-ի, վերջին տարիներուն ծանրօրէն սպառազինուած Ատրպէյճան չունի համազօր հրթիռներ եւ վճռած է իր զինուած ուժերը անոնցմով օժտել, ի գին ամէն ինչի: Թէեւ Իսրայէլ չունի Պաքուի փափաքած այդ հրթիռներէն, քանի իր ունեցածները մինչեւ 150 քմ. կը հասնին, այդուամենայնիւ կը նախատեսէ անոնց հասողութիւնը բարելաւել եւ այդ նպատակին համար ալ որոշած է ներդրել մինչեւ 2 միլիառ տոլար: «Հաարէց» նաեւ կը գրէ, թէ մինչեւ բարելաւուած հասողութեամբ հրթիռներու արտադրութիւնը, հաւանական է, որ Իսրայէլ բարելաւումներ կատարէ Ատրպէյճանին արդէն վաճառած հրթիռներուն վրայ, բարձրացնելու համար անոնց հասողական կարողութիւնը:

Թիւ (77) Փետրուար 2018

http://www.azadkhosk.com/aylazan7706.html

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)