Քիւրտերը Կ՛ողջունեն Դամասկոսի Հետ Համաձայնութեան Մը Ծիրին Մէջ Սուրիոյ Բանակի Մուտքը Աֆրին

January 25, 2018 Lousavor Avedis Աշխարհ 0

Ըստ Աֆրինէն Քրտական Աղբիւրի Մը. Քիւրտերը Կ՛ողջունեն Դամասկոսի Հետ Համաձայնութեան Մը Ծիրին Մէջ Սուրիոյ Բանակի Մուտքը Աֆրին

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Աֆրինէն քրտական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ իրենք կ’ողջունեն սուրիական կառավարութեան հետ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ սուրիական բանակին մուտքը ամբողջ Աֆրինի շրջան:

Աղբիւրը յայտնած է, որ քիւրտերը զէնք բարձրացուցած են «ինքնապաշտպանութեան համար, եւ ոչ թէ սուրիական կազմին իբրեւ թշնամանք»` շեշտելով, որ քիւրտերը «չեն փորձեր Սուրիոյ պետութենէն անջատուիլ, այլ անոնք սուրիական ազգային հասարակութեան մէկ մասն են»:

Ըստ նշեալ քրտական աղբիւրին, սուրիական բանակին Աֆրին մուտքին փոխարէն քիւրտերը կը պահանջեն «մաս կազմել քաղաքական հոլովոյթին»: Ինչ կը վերաբերի քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զէնքին, ապա «ատիկա պիտի վերադարձուի սուրիական պետութեան, որովհետեւ արդէն անոր կը պատկանի»:

«Քիւրտերը երբեք ամերիկեան դաշինքին մաս չեն կազմած եւ անկէ որեւէ տեսակի աջակցութիւն չեն ստացած», նշած է քրտական աղբիւրը` նշելով. «Անջատողական ծրագիր չունինք, այլ մեր առաւելագոյն ձգտումը հայրենիքին մէջ մեր իրաւունքներուն մէկ մասը ունենալն է»:

www.aztagdaily.com/archives/380693

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)