Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ահաբեկիչներու Աւելի Քան Հազար Դիրք Քանդած Է

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդուժը Սուրիոյ մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին ահաբեկիչներուն պատկանող աւելի քան հազար դիրք քանդած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող «Քրասնայա Զվիզտա» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ այդ դիրքերը քանդուած են ռուսական ռմբաձիգներու` այդ ժամանակահատուածին ընթացքին Սուրիոյ վերեւ կատարած աւելի քան 360 թռիչքներուն ընթացքին, իսկ անօդաչու թռչող սարքերը կատարած են 140 հետախուզական թռիչքներ, որոնց ընթացքին յայտնաբերած են զինեալներուն պատկանող աւելի քան 190 դիրքեր:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիա Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքով 30 սեպտեմբեր 2015-ին սկսաւ մարտ 2011-էն ի վեր տագնապի թատերաբեմ դարձած այդ երկրին մէջ ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ օդային հարուածներ կատարել:

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)