Գերմանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները կրնան պատժուիլ բանտարկութեամբ կամ տուգանքով, 11․11․2022 

Գերմանիոյ մէջ քննարկումներու նիւթ դարձած է ցեղասպանութեան եւ պատերազմական ոճիրներու ժխտումը քրէականացնելու հարցը։ Իրաւաբաններու դիտարկումով՝ կրնան պատժուիլ նաեւ անոնք, որոնք կը հերքեն Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Սոցիալ-դեմոկրատական, Ազատ դեմոկրատական եւ Կանաչներու կուսակցութիւններու կողմէ կազմուած դաշնակցային կառավարութիւնը օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած է խորհրդարանի քննարկման եւ քուէարկութեան: Թէեւ ընդդիմադիր Ձախ եւ Այլընտրանք Գերմանիոյ համար (AfD) կուսակցութիւնները «դէմ» քուէարկած են, այդուհանդերձ օրինագիծը ընդունուած է 514 երեսփոխանի «թեր» քուէարկութեամբ։

Գերմանիոյ քրէական օրէնսգրքի 130-րդ յօդուածին մէջ կատարուած յիշեալ օրէնսդրական փոփոխութիւնը կը նախատեսէ ազատազրկում (մինչև 3 տարի) կամ տուգանք բոլոր անոնց համար, որոնք ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրեն՝ ժխտելով ցեղասպանութիւնն ու պատերազմական ոճիրները։

Ըստ այդմ՝ կը պատժուին ոչ միայն Գերմանիոյ մէջ Հոլոքոսթը ժխտողները, այլեւ աշխարհի տարբեր մասերու ցեղասպանութիւններն ու պատերազմական ոճիրները ժխտողները, մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները հերքողները։

Թրքական լրասփիւռները անհանգստացած եւ տարակուսած են, թէ արդեօք օրէնքի վերոյիշեալ փոփոխութիւնը կը վերաբերի՞ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին։ Օրէնքի փոփոխութեան կողմնակից Գերմանիոյ Արդարադատութեան նախարարութիւնը իր կայքին հրապարակած տեղեկութեան մէջ որոշ բացատրութիւններ տուած է։ Նշուած է, որ եթէ դատարանները չեն կրցած հաստատել տուեալ ցեղասպանութեան կամ ռազմական ոճիրին փաստը, ապա այդ պարագային օրէնքի նախատեսած պատիժը չի վերաբերիր ենթադրեալ յանցագործութիւնը ժխտողին։

«Բայց որոշ պարագաներու՝ պատմական փաստերը կրնան հանրայայտ ըլլալ, եւ այդ ատեն դատարանը ապացոյցներ հաւաքելու կարիք չունի»,– նշուած է Արդարադատութեան նախարարութեան բացատրականին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը 2016 Յունիս 2-ին ընդունած էր բանաձեւ մը, որուն համաձայն՝ 1915-1916թթ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայերու տեղահանութիւն ու ջարդերը ճանչցուած են իբրեւ ցեղասպանութիւն։

https://norharatch.com/archives/news/kermania-genocide?utm_medium=email&fbclid=IwAR1tOGm7bRSLntyewbN1UJ9iy5vTkb7hYVbEX8RW7IybN9zPB0qqPt-njMc

 

error

Enjoy this blog? Please spread the word :)