Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան. ՆՇՄԱՐ. «Եկուոր քոչուոր թուրքերը եւ մենք Հայերս» – Այսօր յուսամ կ’անդրադառնան եւ շատ արագ կը պատրաստուին դիմակայելու գալիք վտանգը, որ կը սպառնայ Լիբանանի անվտանգութեան, 17.06.2020

15 տարիներ առաջ գրաւոր զգուշացուցինք պետութեան կեդրոնական իշխանութեան տկարացումէն։ Դժուար թէ հասկնային այն ժամանակ, որովհետեւ անձնականը աւելի կենսական էր քան հաւաքականը, եւ ճիշդ կողմնորոշուէին:

Այսօր յուսամ կ’անդրադառնան եւ շատ արագ կը պատրաստուին դիմակայելու գալիք վտանգը, որ կը սպառնայ Լիբանանի անվտանգութեան:

Լիբանանահայերու դէմ նետուած ձեռնոցը միայն անոնց անվտանգութեան չի սպառնար, այլ իսկութեան մէջ ցոյց կուտայ թրքական պետութեան՝ տարածաշրջանին մէջ իբրեւ հիմնական շրջանային ուժ ըլլալու տարած աշխատանքներուն լրջութիւնը եւ ծանրութիւնը։

Հայեր առճակատման տանիլը շատ դիւրութեամբ կարող է իրականացնել թուրքը իր պատրաստած գործակալներով։ Պէտք է հարցը դիմագրաւուի հաւաքական ճիգերով:

Հայ կրօնական առաջնորդները, կուսակցական պատասխանատուները եւ այլ կարելիութիւններ ունեցող բոլոր կողմերը, միասնաբար համադրելով լիբանանեան պետութեան եւ այլ քաղաքական ուժերուն հետ, պարտին աշխատիլ Լիբանանի անվտանգութեան սպառնացող գաղտնի եւ յայտնի ոտնձգութիւններուն առաջքը առնելու եւ միաժամանակ, կարելի եղած չափով արթուն եւ զգաստ ըլլալու ստիպողականութեամբ:

Մենք իբրեւ լիբանանցիներ եւ մանաւանդ լիբանանահայեր, այսօրուայ նման վիճակներուն դէմ յանդիման եղած ենք եւ վարժ ենք զանոնք դիմակայելու։

Ըլլանք արթուն ու պատրաստ պահպանելու Լիբանանի անվտանգութիւնը, որուն ընդմէջէն բնականաբար պաշտպանած կ՛ըլլանք նաեւ հայ համայնքի անվտանգութիւնը։

Պատրաստուինք աւելի ծանրին, որ դիւրութեամբ դիմակայենք աւելի թեթեւ ցնցումներուն:

Խնդիրները կարող են շատ արագ զարգանալ։

Չմոռնանք որ հայահոծ շրջաններուն դէմ վտանգավոր ոտնձգութիւնները պէտք է կանխատեսուին եւ կանխարգիլուին։

ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ

Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան

Lousavor Avedis

error

Enjoy this blog? Please spread the word :)