Աշխատասիրեց՝ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէջ գտնուած փաստաթուղթերը պահ դրուած են թրքական կառավարութեան կողմէ, իսկ բազմաթիւ փաստաթուղթեր ալ փճացուած են, որոնք առհասարակ կը վերաբերին այն ժամանակահատուածին, ուր պարտադիր տեղահանութեան հրամանագիրեր կան Արեւմտահայութեան, եւ կամ վճիռ կայ բնաջնջելու Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայ ազգաբընակչութիւնը:
Անվնաս մնացած փաստաթուղթերէն ոմանք նպատակադրուած են հերքելու համար Ցեղասպանութեան քննադատութիւնները: Այս փաստաթուղթերը վերջին 20 տարիներուն հրատարակուած են թրքական կառավարութեան կողմէ: Իսկ անդին կը մնան բազմահազար փաստաթուղթեր, որոնք հասանելի չեն հանրութեան:
Փաստաթուղթերը արաբատառ օսմանեան թրքերէնով գրուած են։
Մեր տրամադրութեան տակ եղած հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1994-ին թրքերէն լեզուով, որպէս խորագիր ունենալով՝ “Osmanli Betyelerinde Ermeniler”:
Իսկ թրքական կառավարութեան վարչապետութեան կողմէ հրատարակուած անգլերէն լեզուով՝ “Armenians in Ottoman Documents” գիրքը, որ կը պարունակէ 1915-1920 ժամանակաշրջանի փաստաթուղթերը, նպատակադրուած է փաստելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն ընդհանրապէս տեղի չէ ունեցած: Հրատարակութեան 275 էջերուն մէջ զետեղուած են շուրջ 260 հեռագիրեր:
Գիրքին մէջ տեղ գտած հեռագիրներուն մեծամասնութիւնը ստորագրուած են ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային կողմէ, որոնք կը վերաբերին առաւելաբար հայ ազգաբնակչութեան տեղահանութեան: Կան նաեւ քանի մը յօդուածներ որոնք նպատակադրուած են արդարացնելու տեղահանութիւնը: Բայց թղթատելով ու կարդալով այդ գիրքը, միայն կարելի է փաստել թրքական կառավարութեան ցանկութեան հակառակը, թէ Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը ի յայտ կու գայ այդ գիրքին մէջ իսկ տեղ գտած հեռագիրներէն՝ հայ ժողովուրդը աստիճանաբար բնաջնջելու:
Վերոյիշեալ գիրքը կը պարփակէ հեռագիրներուն պատճէնները օսմաներէնով, որոնց 156-ը ղըրկուած են 1915-ի ընթացքին:
Ստորեւ հատորին մէջ տեղ գտած հեռագիրներուն տեղեկութիւնները տեղահանութեան մասին.
1) Զինուորական ապահովութեան համար Արեւելեան շրջանին մէջ պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած ռուսական վտանգը:
2) Յեղափոխական գործիչներ ու ազգային կուսակցութեան պատկանող անհատներ:
3) Տարագրութեան պարտադրուած հայերուն բնակարանները ապահովել Ռուսաստանէն գաղթած թրքածին գաղթականներուն համար:
4) Հայ ազգաբնակչութիւնը որոշ նահանգներու մէջ, տեղացի թուրքերէն աւելի կը նկատուէր:
5) Տեղահան ընել բոլոր հայերը, որոնք ցնծութեամբ դիմաւորեցին Թուրքիոյ պարտութիւնըԼիպիոյ մէջ, Իտալիոյ կողմէ:
6) Նախ տեղահան ընել Հայ Առաքելական եկեղեցոյ պատկանողները:
7) Ինչպէս նաեւ աւելի ուշ Հայ Կաթողիկէ համայնքի անդամները եւ Հայ բողոքականները:
8) Հայ ըլլալը պատճառաբանել:
Նշեալ հեռագիրներուն մէջ նաեւ կան տեղահանութեան վերաբերեալ հետեւեալ տեղեկութիւնները.
1) Տեղահանուած հայերը տանիլ Սուրիոյ եւ Իրաքի անմարդաբնակ անապատները, ոչնչացնելու համար զանոնք:
2)
ա) եթէ չէք կրնար բոլորովին ոչնչացնել տարագրեալները, կրնաք զանոնք բնակեցնել Փոքր Ասիոյ սահմաններէն դուրս, պայմանաւ որ անոնց թիւը տեղւոյն բնակչութեան թիւէն 10 տոկոսէն աւելի չըլլայ:
բ) Տեղահանուածները պէտք չէ ապրին քաղաքներու մէջ, ինչպէս Հալէպ կամ Դամասկոս:
գ) Տեղահանուածները պէտք է ապրին երկաթուղագիծէն առնուազն 20 քմ. հեռու:
3) Թուրքիոյ տարածքին ողջ մնացած հայ այրի կիները եւ երիտասարդ աղջիկները տեղահան ըրէք եւ ցրուեցէք թրքաբնակ գիւղերու մէջ, ստիպելով որ իսլամանան եւ ամուսնանան թուրքերու հետ:
4) Իսկ 12 տարեկանէն վար որբ երեխաները կրթեցէք, այսինքն թրքացուցէք:
5) Ինչ կը վերաբերի իսլամացած հայ կիներուն ու աղջիկներուն, եթէ անոնք մերժեն ամուսնանալ թուրքի հետ, պէտք է աքսորուին սուրիական անապատները (1916 Ապրիլ 30)։
Ըստ երեւոյթին, կան նաեւ աւելի խիստ ու վճռական հեռագիրներ, որոնք Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէ հրատարակած այս գիրքին մէջ:
Մեծ Եղեռնէն 80 տարիներ ետք, որպէս նորութիւն Թուրքիան յարմար տեսնելով հրատարակած էր այս հատորը, ենթադրելով որ վերապրողներ արդէն գոյութիւն չունէին, որոնք տեղահանութեան ժամանակ չափահաս տարիքի էին: Ցեղասպան թուրքը կրցաւ հայութեան բեկորները վերածել որբ եւ այրի իգական սեռին, որոնց համար Միջին Արեւելեան զանազան քաղաքներու մէջ հիմնուեցան որբանոցներ եւ այրիանոցներ ողջ մնացած հաւաքականութիւնը փրկելու բարեսիրական ջանքերով:
Մեհմէտ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ անշուշտ միայն իրենց կեղծիքով չէին կրնար քաղաքակիրթ աշխարհը խաբել, ծրագրուած Ցեղասպանութեան ձգտող իրենց արուած այս քայլերով, որովհետեւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմը պատրուակը չէր տեղահանութեան, փաստարկումներ կան դաշնակիցներու մօտ, որ ծրագրուած տեղահանութեան վերաբերող հեռագիրները արդէն, որոշ քանակով դաշնակիցներու տրամադրութեան տակ կը գտնուէին այդ օրերուն:
Տեղահանութեան վայրերու հետ առնչուած հեռագիրներ.
Վերոյիշեալ հատորին մէջ ներառուած են նաեւ 3 հեռագիրներ, որոնք կը ճշդեն տեղահանութեան վայրերը: Երեք հեռագիրներն ալ ստորագրուած են Մեհմէտ Թալէաթի կողմէ.
1) 1915 Յուլիս 17-ի հեռագիրը ուղղուած Հալէպի կառավարիչին, կը հրահանգէ, որ Կիլիկիոյ կողմերէն Հալէպ ապաստանած հայերը պէտք է անմիջապէս աքսորուին Հալէպէն դէպի Հարաւարեւելք, այսինքն Սուրիական անապատ (Տէր-Զօր):
2) 1915 Յուլիս 21-ի հեռագիրը ուղղուած Մուսուլի կառավարիչին, կը հրահանգէ այդ շրջանէն ներս գտնուող հայերը աքսորուին Պաղտատէն արեւմուտք, այսինքն դարձեալ Սուրիական անապատ:
3) 1915 Յուլիս 5-ի հեռագիրը կը ճշդէ տարագրութեան վայրերու սահմանները, ուր նշուած է Տէր-Զօրէն Քերքուք երկարող գիծէն Հարա, ՀամաՀոմսէն դէպի արեւեւելք, որ դարձեալ կը նշանակէ Սուրիական անապատ ու դէպի Հարա՝ այսինքն մինչեւ Հարան եւ Քերեբ (պաղեստինեան անապատ) պայմանաւ որ հայերուն թիւը հոն բնակողներու թիւին 10 տոկոսէն աւելի չըլլայ:
Հեռագիրներ Կիլիկիոյ քաղաքներու տեղահանութեան.
Անգլերէնով հրատարակուած այս հատորին մէջ կան կարեւոր նկատուած երկու հեռագիրներ, որոնք կը վերաբերին Կիլիկիոյ հայութեան:
1915 Մարտ 2-ի հեռագիրը Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) հայութեան կը վերաբերի, ուղղուած Ատանայի կառավարիչին. «Չորք-Մարզպանի հայութեան տեղահանութեան մասին Փետրուար 13-ի ձեր նամակին համաձայն ենք: Նկատի առնելով ներկայ դժուար կացութիւնը, կառավարութիւնը չ՚ուզեր որ որեւէ խառնակութիւն կամ ըմբոստութիւն տեղի ունենայ. հակառակ պարագային, եթէ նման շարժումներ նշմարուին, անմիջապէս եւ ամենայն խըստութեամբ պէտք է ճզմուին»:
Մեզի անշուշտ ծանօթ է այս հեռագրին դրդապատճառը, որովհետեւ 1909-ի Ատանայի կոտորածի օրերուն, Չորք-Մարզպանի հայութիւնը զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմեց Օսմանեան բանակին դէմ, միայն 3 հոգի զոհ տալով: 1919-ին Չորք-Մարզպանի հայութիւնը առաջին տեղահանութիւնը համտեսեց (Փետր. 15), երբ թրքական բանակը պաշարելով Չորք-Մարզպանը, ձերբակալեց 1․600 հայ երիտասարդներ պատրուակելով Ինթիլլի քաղաքի ճամբաներու շինութիւնը ու ապա 2 ամիս ետք անոնք իրենց ընտանիքներով աքսորուեցան Սուրիական անապատ:
1915 Մարտի 15-ի հեռագիրը կը վերաբերի Մարաշի եւ Զէյթունի հայութեան տարագրութեան: Այս երկու քաղաքներու հայութիւնը նախ տարագրուեցաւ Գոնիա, ու ապա Ապրիլ 24-ին՝ դէպի Սուրիական անապատ:
Այս տեղահանութեան հետ առնչուած ուրիշ հեռագիր մը կայ Թալէաթի կողմէ ղրկուած թրքական 4-րդ բանակի հրամանատար Ճեմալ փաշային հետեւեալ պարունակութեամբ.
«Զէյթունէն եւ Մարաշէն Գոնիա տարագրուած հայերը, տեղաբնակ հայերուն միանալով
կրնան ըմբոստութիւն յառաջացնել կառավարութեան դէմ:
Ուրեմն, ոչ մէկ հայ այլեւս որպէս տարագիր ղրկուի Գոնիա: Բոլորը պէտք է ղրկուին դէպի Հալէպ, Տէր-Զօրի շրջանը եւ Ուրֆա»:
Կայ նաեւ ուրիշ հեռագիր մը զետեղուած հատորին մէջ, որ կ՚ակնարկէ գաղթականներուն համար յատկացուած պիւտճէի մասին, որ պէտք է հոգար Գոնիա աքսորուած հայերուն սնունդի եւ բնակարանի ծախսերը:
Բայց այդ պիւտճէն միայն տարեցներուն տրամադրեց օրական մէկ հաց եւ ոչինչ մանուկներուն կամ այրի կիներուն, ու շատեր սովամահ մահացան: Իսկ ողջ մնացողները որոնք հասարակաց խանի մէջ զետեղուած էին, հոն պահուեցան միայն շաբաթ մը ու ապա տարագրուեցան դէպի Սուրիական անապատ:
Ուրեմն, կեղծիքի ետին պահուըտած Թալէաթի նման գազաններ միայն կրնային պատրուակել Կիլիկիոյ քաղաքներու հայութեան յեղափոխութիւնը, երբ Գոնիա տարագրուածները տարեցներ, այրի կիներ եւ երեխաներ էին, որոնք որեւէ ըմբոստութիւն յառաջացնելու վիճակի կամ կարողութեան մէջ չէին:
Թալէաթի 1915 Ապրիլ 24-ի տխրահռչակ հեռագիրը որ մահավճիռը դարձաւ հայ մտաւորականութեան.
Գաղտնի եւ ստիպողական նկատուած այս հեռագիրը, որ տեղ գտած է հատորին մէջ ուղղուած Անքարայի կառավարիչին, հետեւեալը կը պարունակէ.
«Այս իրիկուն, Ապրիլ 24, Կիրակի օր (Ապրիլ 11՝ հին տոմարով) ժամը 10:23-ին, թիւ 78 շոգեկառքը ճամբայ պիտի ելլէ Պոլսոյ Հայտար Փաշա շոգեկառքի կայանէն եւ Անքարա պիտի հասնի յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը 8:00-ին թիւ 164 շոգեկառքով: Այս շոգեկառքին մէջ կան 15 ոստիկան եւ 2 սպայ, 1 զինուորական հրամանատար, 1 քաղաքական պաշտօնեայ, 75 զինուած բանակայիններ եւ
180 աքսորեալ հայեր, որոնք յեղափոխականներու ղեկավարներն են: Անոնց մէջ հայեր նաեւ, որոնց Պոլիս ապրիլը անպատեհ կը նկատուի: Ինչպէս երէկուան մեր հեռագիրին մէջ յիշած էինք, 60-70 հոգի ղրկեցէք Այաշի բանտը, իսկ մնացեալը՝ Չանկըրը քաղաքը: Այս տարագրեալներուն ապահովութիւնը եւ հանգիստը վստահուած է ձեզի, անշուշտ ձեր գիտցած ձեւով»:
Այս հեռագիրն է անշուշտ որ գլխատեց Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութիւնը, դահճապետ Թալէաթի եւ իր գործակիցներուն կողմէ ոչնչացման դատապարտելով հայ մտաւորականութիւնը:
Այաշը թրքաբնակ ու յետամնաց գիւղաքաղաք մըն էր, Անքարայէն արեւմուտք գտնուող։ Միակ կարեւոր տեղը եղած է բանտը, որ դարձաւ հայ մտաւորականութեան մեռելատունը (Funeral Home)։ Հատորին մէջ զանց առնուած է այդ բացատրութիւնը, թէ ինչու եղան այդ ձերբակալութիւնները կամ տեղահանութիւնը ու ինչ պիտի ըլլար անոնց ճակատագիրը:
«Այաշ» աքսորուած հայերուն 70 հոգիէն 20-ը դաշնակցականներ էին, 5-ը Սահմանադրական Ռամկավարներ եւ 4-ը Հնչակեաններ, իսկ 40-ը անկուսակցական։ Անոնց մէջ էր Հնչակեան, խորհրդարանի անդամ Համբարձում Պոյաճեանը (Մուրատ): Այս խումբէն միայն արձակուեցան 6 հոգի (անկուսակցականներ): Իսկ մնացեալները վայրագօրէն սպաննուեցան:
Չանկըրը աքսորուած 110 հայերուն մէջ կար Օսմանեան խորհրդարանի 3 անդամ՝ Գրիգոր Զոհրապ եւ Վարդգէս Սերենկիւլեան (դաշնակցականներ), ինչպէս նաեւ Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան (Սահմանադրական Ռամկավար): Այս խումբէն 106-ը սպաննուեցան՝ Չանկըրըէն տարագրութեան ճամբուն վրայ դէպի Տիգրանակերտ տեղափոխութեան ժամանակ, իսկ 4-ը կրցան փախչիլ ու ծըպտուած միանալ Չանկըրըի փոքրաթիւ հայութեան ու հասնիլ Սուրիական անապատ: Դժբախտաբար հատորին նախաբանին մէջ, ակնարկուած է կասկածելի ձերբակալուածներուն մասին, որոնք մեծ մասամբ անպարտ հռչակուած, հաստատուած են Անքարայի եւ Չանկըրըի շրջանը: Ահաւասիկ անհիմն ձեւաւորում եւ արդարացում թրքաբարոյ կեղծիքի, որուն համար Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս հատորը հրապարակ հանեց:
Թալաաթի կողմէ 1915 Օգոստոս 15-ի հեռագիրը ուղղուած Թուրքիոյ բոլոր նահանգներու կառավարիչներուն, կ՚ակնարկէ Օսմանեան խորհրդարանի հայ անդամներուն (երեսփոխան) ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, որ անոնք ալ ժամանակաւոր պէտք է տեղափոխուին Պոլիսէն: Սուտի եւ կեղծիքի ուրիշ հեռագիր մը, որմէ շուրջ ամիս մը առաջ հայ երեսփոխանները արդէն նահատակուած էին: Իսկ իրենց ընտանիքները տարագրուած Հալէպ ու ապա՝ Սուրիական անապատ:
Հատորին մէջ տեղ գտած վերոնշեալ հեռագիրներուն նենգութիւնը ցոյց կու տայ նախապէս ծրագրուած բնաջնջումը հայ ազգաբնակչութեան Թուրքիոյ տարածքին, որ հակառակ փաստն է հատորի հրատարակութեան նպատակին, որ միայն կրնայ կեղծիք ըլլալ օտար ազգերու մօտ՝ ցոյց տալու որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած չէ: Մինչդեռ 1946-ի ՄԱԿ-ի որոշումով, կատարուածը բնութագրուած է որպէս ցեղասպանութիւն. այն միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, որուն անդամ է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:
Հատորին մէջ տեղ գտած հեռագիրները իրաւացի փաստարկումներն են 24 Ապրիլ 1915-ի երեկոյեան Պոլիսէն աքսորելու ու ապա նահատակելու կուսակցական ղեկավարներ, հայ ազգային ժողովի անդամներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, դեղագործներ, գիտնականներ, բանաստեղծներ, գրողներ, խմբագիրներ, արուեստագէտներ ու յայտնի վաճառականներ: Իսկ շուրջ 600 այլ մտաւորականներ ու յայտնի ազգայիններ ալ նախորդող օրերուն տարագրուեցան ու նահատակուեցան զանազան նահանգներու մէջ, հայ ժողովուրդի ՄԵԾ ԵՂԵՌՆը ծրագրած իթթիհատական բորենիներու ձեռքով։
—————-
«Հայ կյանք», Տարի Դ., թիւ 9 (70), Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019 թ․
HYE GYANK No 70 26-04-2019, [email protected]