Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորման մասին հռչակագիրը

Փարիզ, Ֆրանսա, 24 Մայիս, 2013 թ.

Յարգելի՛ հայրենակիցներ

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը, Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորող յատուկ յանձնաժողովը, ստանձնելով Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգերու կազմաւորման ու ստեղծման, հայերու գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման, Արեւմտեան Հայաստանի տնտեսութեան վերականգնման ու վերաշինութեան պատասխանատւութիւնը,

Կը յայտարարեն`

Ստեղծել Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան), որ պիտի իրականացնէ հայութեան ուժերու համախմբումը:

Հենքային համարել Հայկական հարցի` Հայոց պահանջատիրութեան լուծման խնդրին մէջ ազգային միասնութիւնը եւ հայոց անժամանցելի իրաւունքը:

Ընդունիլ մէկ բանաձեւ. հայ ժողովուրդը պէտք է ապրի ինքնաբաւ, իսկ ապագային մէկ միասնական եւ անկախ Հայոց պետութեան կազմի մէջ:

Կ՝առաջնորդուին`

ա) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու Ազգային խորհուրդի պաշտօնական յայտարարութեամբ (ընդունուած` 2004 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին) եւ «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու մասին» հռչակագրով (ընդունուած` 2007 թուականի Յունուար 20-ին):

բ) Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան ստեղծման (ընդունուած` 2011 թուականի Փետրուար 4-ին) եւ Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգի մասին որոշումներով (ընդունուած` 2011 թուականի Մարտ 2-ին):

գ) 2012 թուականի Նոյեմբեր 30-ի Արեւմտեան Հայաստանի հայերու` Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորելու մասին 5-րդ վեհաժողովի որոշմամբ:

Կը հռչակեն, որ`

Նկատի առնելով այն փաստը, որ հակառակ մարդկային բարոյականութեան եւ ցանկացած իրաւունքի` ճանչնալու Հայոց իրաւունքները բնօրրան հայրենիքի նկատմամբ, Թուրքիայի իրարյաջորդ կառավարութիւններ` սուլթանական, երիտթիւրքական եւ քեմալական, 1894-1923 թթ. իրականացուցած են Հայերու ցեղասպանութիւն եւ բռնագաղթ, որու միջոցով աննախադէպ փոփոխած են ազգագրական պատկերը տարածաշրջանին մէջ, իսկ իբրեւ հետեւանք կրճատելով հայերուն թիւը բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, իբրեւ «յաւելավճար» իրենց յանցագործութիւններու` խախտած են ազգութիւններու միջեւ բնականոն յարաբերակցութիւնը` Արեւմտեան Հայաստանին մէջ, եւ

նկատի առնելով վերոհիշյալ ողջ իրողութիւնը կը հռչակեն, որ՝

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) իրաւասութիւնը կը տարածուի ինչպէս Արեւմտեան Հայաստան պետութեան քաղաքացիներու, այնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած երկրամասի` Արեւմտեան Հայաստանի իրաւական (de jure) եւ փաստական (de facto) տարածքներու վրայ` նկատի ունենալով

ա) Հայաստան — Թուրքիա սահմանազատումը` համաձայն ԱՄՆ-ի 28-րդ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը (22 Նոյեմբեր, 1920 թ.):

բ) Պատմական Հայաստանի, ներառեալ` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկեան Հայաստանի անկախութիւնը` համաձայն ՄԱԿ-ի` «Գաղութային երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն անյապաղ անկախութիւն տրամադրելու մասին» հռչակագիրի (14 Դեկտեմբեր, 1960 թ.):

գ) Իբրեւ բնիկ ժողովուրդ` Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ունեցած պատմական, ծագումնաբանական, մշակութային, քաղաքակրթական, պետականաստեղծ անժամկէտ եւ անժխտելի իրաւունքները` համաձայն ՄԱԿ-ի «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» հռչակագիրի (13 Սեպտեմբեր, 2007 թ.):

Վերոյիշեալ իրաւասութիւնը կը տարածուի Արեւմտեան Հայաստանի հետեւեալ նահանգներու եւ տարածքներու վրայ`

  1. Վան,
  2. Պիթլիս,
  3. Էրզրում (Կարին),
  4. Տրապիզոն (Համշեն),
  5. Սվազ (Սեբաստիա),
  6. Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ),
  7. Խարփութ (Խարբերդ),
  8. Կիլիկիա (ներառեալ` Կեսարիա, Մարաշ, Ատանա, Զէյթուն, Այնթապ, Անտիոք),
  9. Կարս (եւՍուրմալու),
  10. Ջաւախք,
  11. Նախիջեւան:

Առաջնորդուելով վերը նշուած փաստաթուղթերով եւ դրոյթներով` Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը, Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորող յատուկ յանձնաժողովը

Կը յայտարարեն, որ`

Կը ստեղծուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորող Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՅ), որ լիազօրուած է կազմակերպելու եւ իրականացնելու ընտրական ողջ գործընթացը:

(Տես, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորող Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքը` http:www.western-armenia-election.org):

Քաղաքացիներու արձանագրութիւնը

Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներ են բոլոր այն անձինք, որոնք կրնան հիմնաւորել թէ՛ իրենց տարագրեալ ըլլալը Հայրենիքէն (Արեւմտեան Հայաստանէն), թէ՛ իրենց ծագումը` նոյնիսկ քանի մը սերունդ վաղեմութեամբ (ուղիղ ժառանգական կապով):

1) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ընտրութիւններուն մասնակցելու ցանկութիւն յայտնած Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ հայրենակցական ու հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու արձանագրութեան գործընթացը կ՝իրականացուի` 2013 թ. Մայիս 24-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1։

2) Ընտրութիւններուն մասնակցելու ցանկութիւն յայտնած Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիները կ՝արձանագրուին հետեւեալ կայքին`

http://www.western-armenia-election.org/votes/Enregistrement2013-fr-arm.php

Թեկնածուներու արձանագրութիւնը

1) 2013 թ. Յունիս 1-էն կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորութեան թեկնածուի կողմէն իրականացուող ստորագրահաւաքը` յատուկ հաստատուած ձեւաթուղթերու միջոցով:

2) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովը (Խորհրդարանը) բաղկացած է Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներէն: Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր ունենալը պարտադիր է պատգամաւորութեան թեկնածուի համար:

3) Թեկնածուներու արձանագրութիւնը կ՝իրականացուի 2013 թ. Հոկտեմբեր 1-էն ժամը 08:00, մինչեւ Հոկտեմբեր 22` ժամը 24:00:

4) Ընտրութիւնները կ՝իրականացուին 2013 թ. Նոյեմբեր 22-էն ժամը 08:00, մինչեւ Դեկտեմբեր 1` ժամը 00:00 (Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքի միջոցով կամ գրաւոր):

5) Ընտրութիւններու արդիւնքները Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէն կը հաստատուին եւ կը հրապարակուին 2013 թ. Դեկտեմբեր 17-ին:

6) Առաջադրուելու համար թեկնածուն պէտք է ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներու նուազագոյնը 100 ստորագրութիւն:

7) Թեկնածուն պէտք է ներկայացնէ ինքնակենսագրութիւն եւ գործունէութեան համառօտ ծրագիր:

8) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորութեան թեկնածուները կ՝արձանագրուին հետեւեալ կայքին`

http://www.western-armenia-election.org/votes/Candidature2013-fr-arm-en-ru.php

http://www.western-armenia-election.org/Consultation-Electorale/2013/Teqnadzouneri_timoume-2013.pdf

http://www.western-armenia-election.org/Consultation-Electorale/2013/Requete_de_candidature-2013.pdf

Կը հաստատեն, որ`

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորութեան թեկնածուները, որոնք պաշտօնապէս կ՝ընդունին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան Հռչակագիրը եւ հիմնադիր փաստաթուղթերը, կրնան ինքնաառաջադրուիլ եւ կամ ներկայացուիլ հայրենակցական ու հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի ու Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան կողմէն:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորման հիմնական մեքենականութիւնները, ներառեալ` կանոնակարգի նախագիծը, որմով կը հաստատուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին նստաշրջանի գումարման ժամկէտը, պատգամաւորներու քանակը, հայրենակցական ու հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներգրաւման օրինակարգը` հաստատուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդին կողմէ:

Կոչ կ՝ուղղեն համայն հայութեան`

պաշտպանելու ու հաստատելու իր անսակարկելի եւ անժամանցելի իրաւունքները, որուն կարեւորագոյն գործողութիւններէն մէկը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորումն է, աշխոյժօրէն մասնակցելու այս ընտրութիւններուն` Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու եւ անոր ընձեռած բացառիկ հնարաւորութեան ծիրին մէջ:

Արմենակ Աբրահամեան

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ

Տիգրան Փաշաբեզեան

Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան վարչապետ

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորող

յատուկ յանձնաժողով

error

Enjoy this blog? Please spread the word :)