Հաշուի առնելով` մարդկայնութեան եւ հայութեան կրած մարդկային, հոգեւոր, մշակութային, նիւթական եւ տարածքային կորուստները Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ,
հաշուի առնելով` այն իրողութիւնը, որ մարդկութիւնն այսօր կը գտնուի հոգեւոր-մշակութային, բարոյա-հոգեբանական եւ տնտեսա-քաղաքական խոր ճգնաժամի մէջ, որոնք կը սպառնան միջկրօնական ու քաղաքացիական բախումներով եւ Երրորդ համաշխարհային պատերազմի հրահրմամբ,
հաշուի առնելով` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող եւ խորացող ռազմաքաղաքական գործընթացները, որոնք կրնան սպառնալ տարածաշրջանի հայութեան եւ Հայաստանի ապահովութիւնը,
ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հռչակած միջազգային սկզբունքներու եւ չափանիշներու համաձայն` կրկին վերահաստատելով մեր յանձնառութիւնը նպաստելու հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքին, տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան, ապահովելու ժողովուրդներու ազատ զարգացման եւ առաջընթացի իրաւունքը,
նկատի առնելով` Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի կիրառման անհրաժեշտութիւնը, որ պահանջուած է Ազգային Խորհուրդի կողմէն 2004 թ. Դեկտեմբեր 17-ին,
նկատի առնելով` Աշխարհասփիւռ հայութեան իրաւունքը լիիրաւ պետական կառոյցի ստեղծման, այն է` Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան կազմութեան մասին Հռչակագիրը ընդունուած` 4 Փետրուար, 2011-ին, Փարիզ, Ֆրանսա,
նկատի առնելով` Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութեան քաղաքականութիւն որդեգրելու մասին (29.03.2011 թ.) Որոշումը «Չէզոք պետութիւններու եւ չէզոք անձանց իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու մասին` ցամաքային պատերազմի ժամանակ» Համաձայնագրի յօդուածներու եւ դրոյթներու համաձայն (Հաագա, 18 Հոկտեմբեր 1907 թ.):
գիտակցելով մեր պատասխանատւութիւնը հայութեան խնդիրներու հանդէպ, որ կ՝առնչուին անոնց ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին եւ կեանքի ու գոյքի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան զարգացման ու առաջընթացի բնական իրաւունքին հիմնուած` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագրի եւ ներպետական ու միջազգային հիմնարար այլ սկզբունքներու ու չափանիշներու վրայ.
կը հրամանագրենք`
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան Ինքնապաշտպանութեան յատուկ ուժերու ստեղծման գործընթացի սկիզբը` հիմնական նպատակ ունենալով պաշտպանել հայութիւնն ու Հայաստանը:
ա) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնապաշտպանութեան ուժերը կը ստեղծուին բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր կ՝ապրին Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, ունենալով մէկ հիմնական խնդիր, կարիքի պարագային մասնակցելու հայութեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան:
բ) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնապաշտպանութեան ուժերը պիտի ունենան իրենց Կանոնագիրը եւ Վարքականոնը, որ պիտի դրուի շրջանառութեան մէջ յետագային:
գ) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնապաշտպանութեան ուժերը օժտուած պիտի ըլլան շարժունակութեամբ եւ ըստ պահանջի տեղաշարժուելու եւ պահանջուած տեղը համախմբուելու նպատակով:
դ) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնապաշտպանութեան ուժերը պիտի գործեն բացառապէս «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի Մշտական, Զինուած, Դրական Չէզոքութեան մասին» Որոշման (29.03.2011 թ.) եւ «Չէզոք պետութիւններու եւ չէզոք անձանց իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու մասին` ցամաքային պատերազմի ժամանակ» Համաձայնագրի յօդուածներու եւ դրոյթներու համաձայն (Հաագա, 18 Հոկտեմբեր 1907 թ.):
Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ
26.12.2012 թ.