Համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի 17 Դեկտեմբեր 2004 թ. Հռչակագրի ա) Կէտի Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պէտք է ունենայ իր պետական դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը: Մեկնելով սոյն Հռչակագրի դրոյթներէն` Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը որոշեց հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դրօշը:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներէն է:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը քառագոյն է: Կեդրոնին երկու խորհրդանշաններն են` մուգ կապոյտ ութանկեան մէջ` ծիրանագոյն յաւէրժութեան ութաթեւ նշանը, որոնք կ՝իմաստաւորեն տիեզերական ներդաշնակութիւնը:
Ութանկեան չորս գագաթներէն` սկիզբ առնող մուգ կապոյտ ճառագայթները կ՝երկարին չորս ուղղութեամբ, ինչպէս աշխարհի չորս ծագերը, մուգ կապոյտը երիզուած է ծիրանագոյնով, դրօշի չորս հատուածները բաց երկնագոյն են:
Դրօշը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, իբրեւ քաղաքակրթութեան բնօրրան:
Մուգ կապոյտը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յաւէրժականութիւնը: Ծիրանագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի բանախօսութիւնը, արիականութիւնը եւ ստեղծագործ ազատութեան կենսասիրութիւնը: Բաց երկնագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի լուսաւորչականութիւնը եւ առաքելականութիւնը: Սպիտակը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի բարեպաշտութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան չափերու յարաբերութիւնն է` 1:2 — ի:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան յարաբերակցութեան չափերու պահպանումով կարելի է օգտագործել նաեւ փոքր կամ մեծ չափի դրօշ:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի նկարագրութեան գունաւոր պատկերը կը ներկայացուի սոյն օրէնքին կից:
Անցումային դրոյթներ
- Մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Խորհրդարանի վերջնական ձեւաւորումը սոյն հրամանագիրը ունի օրէնքի ուժ:
- Սոյն հրամանագրի ուժի մէջ մտնելու պահէն Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախկին դրօշը կը յանձնուի Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ասամպլէային, իբրեւ Ասամպլէայի խորհրդանիշ:
- Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը կիրառութեան մէջ կը մտնէ հրամանագրի ստորագրման պահէն:
Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ
Փարիզ, Ֆրանսա, 21.10. 2011 թ.